Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը 21 հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր նիստին ընթացքին ամփոփեց առցանց ձեւաչափով տեղի ունեցած տարածաշրջանային խորհրդաժողովներու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրեց համահայկական խորհրդաժողովի կազմակերպման կարելիութիւնը 2022-ի գարնան:
Համակարգող խորհուրդը քննարկեց համահայկական յառաջիկայ համաժողովի հաւանական թեման եւ օրակարգը, կայացման վայրի եւ թուականի վերաբերեալ առաջարկները, ինչպէս նաեւ որոշեց համաժողովին մէջ ընդգրկուելիք հարցերու վերաբերեալ ստանալ ու ամփոփել հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն լրացուցիչ առաջարկները, եթէ անոնք չեն հնչած առցանց համաժողովներու ընթացքին:
Արձանագրուեցաւ, որ առցանց խորհրդաժողովները ձեւաւորած են ժամանակակից միտումներու հետ համահունչ օրակարգ, որուն նպատակն է զարգացնել հայկական լրատուամիջոցները եւ ապահովել համագործակցութեան շարունակականութիւնը:
Համակարգող խորհուրդը որոշեց իր յառաջիկայ լիագումար նիստը կայացնել մինչեւ տարեվերջ:
Լրագրողներու համահայկական համաժողովի օրակարգին լրացուցիչ թեմաներու վերաբերեալ նիւթերու համար, լրատուամիջոցները համակարգող խորհուրդին հետ կրնան կապ հաստատել [email protected] ելեկտրոնային հասցէով:
Համակարգող խորհուրդի կազմին անդամներն են. Արամ Անանեանը` «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութեան տնօրէն, Սաթիկ Սէյրանեանը` Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ եւ «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, Տիգրան Յարութիւնեանը` «Նոյեան Տապան» լրատուական գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն եւ Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ, Միքայէլ Հաջեանը` լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան, Շահան Գանտահարեանը` «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, եւ Սեւակ Յակոբեանը` «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր: